Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Սուրիահայերու Ձեռքի Աշխատանքներու Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ Նուիրուած Տեառնընդառաջին

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ, Փետրուար 11-ին հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջ տօնին առիթով ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախասրահին մէջ մեկնարկած է՝ աւանդական դարձած Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը

Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այցելած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շրջած է ցուցասրահին մէջ, ծանօթացած սուրիահայերու աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան, որ իր դռները բացած է սուրիահայերուն առջեւ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են իրենց արհեստը, ձեռքի աշխատանքները, արուեստը ներկայացնելու նաեւ ուսանողութեան:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 40-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, զարդեր, հրուշակեղէն, արեւելեան ուտեստներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին