Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Պոլսահայ Ընտանիքի Ոճիրին Ձերբակալուածներուն Մէջ ՀՀ Քաղաքացիներ Կան

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ Սթամպուլի Շիշլի թաղամասին մէջ, պոլսահայ ընտանիքի վրայ յարձակման մեղսակցութիւն ունենալու կասկածանքով ձերբակալուածներուն մէջ, նախնական տուեալներով կան ՀՀ քաղաքացիներ: Այս մասին «Արմէնփրես»­ի հետ զրոյցի ընթաքին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

«Ըստ նախնական տուեալներու` ձերբակալուածներուն մէջ կան ՀՀ քաղաքացիներ: Հիւպատոսական աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պատճառով»,­ ըսած է Տիգրան Բալայեան:

Փետրուար 6-ին Շիշլիի Ճումհուրիէթ փողոցի տուներէն մէկուն մէջ բնակող, 85­ամեայ Յակոբ Եաքուփ Տէմիրճիի եւ 79-ամեայ Սեդա Այիտա Տէմիրճիի տան վրայ յարձակած էին: Անոնք հայ զոյգը կապած էին «խոզի կապանք» անունով յայտնի ձեւով` տունէն վերցնելով թանկարժէք իրեր եւ գումար: Կատարուածի մասին ահազանգած էր տան աշխատողը, որ ինչպէս միշտ եկած էր պոլսահայ զոյգի տուն, սակայն դուռը մէկը չէր բացած: Յակոբ Տէմիրճին կապանքի հետեւանքով խեղդուած էր, իսկ անոր կինը հիւանդանոց տեղափոխուած:

Յանցագործութենէն ետք թրքական ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած էր յարձակողները յայտնաբերելու նպատակով: Տարածքի տեսախցիկներու ձայնագրութիւններէն իրաւապահները կրցած էին իմանալ անոնց դէմքերը: Յայտնի դարձած էր նաեւ, որ յարձակում իրականացուցած երեք անձիք մեքենայ վարձած էին եւ Սթամպուլէն մեկնած Տրապիզոն, ուր ալ ոստիկանութիւնը զանոնք ձերբակալած է: Յանցագործները կեղծ փաստաթուղթերով նպատակ ունեցած են գողօնով Տրապիզոնէն փախչիլ Վրաստան: Ձերբակալուած են նաեւ Սթամպուլի մէջ յանցագործութեան իրականացման աջակցած, ինքնաշարժ վարձած եւ արտասահման փախչելու հարցով անոնց օգնած 5 անձեր:

Փետրուար 10-ին Տրապիզոնի հանրապետական դատախազութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որ յարձակում իրականացուցածները ՀՀ քաղաքացիներ են: Ձերբակալուած 8 անձերէն 5­ը կանայք են, բոլորն ալ ՀՀ քաղաքացիներ: Անոնք են Արթուր Ա., Արամ Է., Սերկէյ Բ., Մարիաննա Է., Լիդա Բ., Նարգիզ Բ., Արմինէ Մ., Քրիստինա Մ.:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին