Չեխիոյ մէջ հայկական համայնքը յառաջիկային պիտի աշխուժացնէ ջանքերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցերուն ծանօթացման գծով։ Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի կը տեղեկացնէ «Ուրարտու հայ չեխական միութեան» նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեանը` ընդգծելով, որ կ՛աշխատին զանազան պատգամաւորներու հետ եւ խորհրդարանին մէջ աջակիցներ ունին:
«Ուրարտու հայ չեխական միութեան» նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեան ըսած է, որ «մենք կը փորձենք նաեւ գտնել յատուկ մարդիկ, որոնք աւելի ազդեցիկ են Չեխիոյ կառավարութեան մէջ եւ առիթը օգտագործելով, կրկին բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: 2015 թուականին բաւական աշխոյժ աշխատեցանք: Կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, 2500 հայեր երթով քալեցին դէպի նախագահի նստավայր», ըսած է Ալեքսանդր Սարգսեան` աւելցնելով, որ աշխոյժ կերպով կ՛աշխատին նաեւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ:
Ալեքսանդր Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ ծրագիր մը, որուն ծիրէն ներս Չեխիոյ կրթական հաստատութիւններուն մէջ կ՛իրականանան դասընթացներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այդ գործընթացը Չեխիոյ մէջ սկսած է 2008-2009 թուականներուն: Սկիզբը մէկ կրաֆիքական դպրոցի մէջ երկու տարի շարունակ՝ երրորդ եւ չորրորդ դասարաններու մէջ երկու ամիս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասընթացք իրականացած է: Այնուհետեւ ուսանողները ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութիւն թեմայով աշխատանքներ: Յետագային կազմակերպուած են Հայաստանի ու Չեխիոյ ուսանողներու փոխայցեր:
Ալեքսանդր Սարգսեանի տեղեկութիւններով Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը համաձայնութիւն տուած է՝ դպրոցներու ուսուցիչները վերապատրաստելու, որպէսզի պատմութեան առարկայի դասաւանդման ժամանակ ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Այժմ կը կատարուի դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստում, մասնակիցներուն կը տրուի մեթոտական ձեռնարկ: «Ի հարկէ այդ դասընթացքը դպրոցներու մէջ կը կատարուի կամաւոր սկզբունքով, բայց հիմա կը ձգտինք հասնիլ այն բանին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման արդէն դասագիրքի մէջ ներառուի», աւելցուցած է Ալեքսանդր Սարգսեան:
Անոր տեղեկացմամբ Գերմանիոյ մէջ Մարտ 4-6 պիտի կայանայ Եւրոպայի հայերու միութեան խորհրդաժողովը: «Բոլորս այնտեղ պէտք է հաւաքուինք եւ յստակացնենք ոչ միայն Չեխիոյ, այլ նաեւ միւս եւրոպական երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու աշխատանքները համակարգելու հարցը: Կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի կողքին՝ դնել նաեւ Արցախի հարցը: Անիկա աւելի հրատապ դարձած է, շատ ցաւալի է, երբ պարբերաբար սահմանին վրայ զինուորներ կը զոհուին: Այս բոլորէն բացի օրակարգի վրայ դրուած է այն հարցը, թէ ինչպէս ընել, որ Եւրոպայի հայերու միութիւնը աւելի ամուր դառնայ», ըսած է Ալեքսանդր Սարգսեան: