Փետրուար 10-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նոր մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նիստը կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Օրակարգին մէջ էին Լրագրողներու 8-րդ համաժողովի խորագիրի որոշման, իրականացման վայրի, օրուան, զեկոյցներու թեմատիկայի, ինչպէս նաեւ 2016թ. «Սփիւռք ամառնային դպրոց»ի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի կազմակերպման եւ ծրագիրին հետ կապուած հարցերը:
Նիստին հեռակապով կը մասնակցէին Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, ԱՄՆէն լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:
Ողջունելով նիստի բոլոր մասնակիցները` ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ուրախութեամբ նշեց, որ Համահայկական 8-րդ համաժողովը կը նուիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25ամեայ յոբելեաններուն: «Ուստի 8րդ համաժողովի համար լաւագոյնը կարելի է համարել «Հայոց պետականութիւնը միասնականութեան առանցքն է» խորագիրը, նշեց նախարարը առաջարկելով համաժողովը իրականացնել Հոկտեմբեր 21-24` Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Շնորհաւորելով նախարարը եւ նախարարութեան ամբողջ անձնակազմը` նոր եւ յարմարաւէտ մասնաշէնք տեղափոխուելու առիթով` Շահան Գանտահարեան մաղթեց արգասաբեր աշխատանք: Այնուհետեւ համակարգող խորհուրդի նիստի նախագահը նշեց, որ համամիտ է ՀՀ Սփիւռքի նախարարին հետ համաժողովի խորագիրին, իրականացման օրուան եւ վայրերուն վերաբերեալ: «Մենք պէտք է ժամանակին եւ հետեւողականօրէն գումարենք համակարգող մարմինի նիստերը` համաժողովի աշխատանքները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով», նշեց Գանտահարեան:
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) Լրագրութեան բաժանմուքնի ղեկավար Նաղաշ Մարտիրոսեան նշեցին, որ իրենց կառոյցները նոյնպէս բոլոր ջանքերը կը ներդնեն համաժողովը պատշաճ կազմակերպելու համար:
Հեռակապով նիստին մասնակից խմբագիրները նոյնպէս ողջունեցին՝ համաժողովի իրականացման վերաբերեալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի առաջարկութիւնները եւ հաւաստիացուցին, որ իրենց լրատուամիջոցներուն մէջ ընթերցողներուն պարբերաբար կ’իրազեկեն համաժողովին մասին:
2016թ. «Սփիւռք ամառնային դպրոց»ի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացներու մասին խօսեցաւ դպրոցի նորանշանակ ղեկավար, ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեան: Ան նշեց, որ այս տարի շեշտը առաւելաբար պիտի դրուի գործնական աշխատանքներու վրայ: «Ստեղծուած է եւ կը գործէ դպրոցի dss.am կայքը, ուրկէ կարելի է ամբողջական տեղեկատուութիւն ստանալ դպրոցի բոլոր 6 դասընթացներու մասին», աւելցուց դպրոցի ղեկավարը:
Ամփոփելով նիստը ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքի լրատուամիջոցները կ’աջակցին դպրոցի Լրագրողներու դասընթացքի մասնակիցներու թիւը մեծցնելու եւ աշխհարագրութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ` իրենց կայքերուն մէջ մշտապէս տեղադրելով «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասին յայտարարութիւնները: