Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Լոյս տեսաւ Արսէն Եարմանի «Հայ Բժշկական Միութիւն 1912-1922» Գիրքը

Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի հաստատութիւն մը որ բժշկագիտութենէ կ՛երթայ մինչեւ քաղաքականութիւն

Հեղինակ՝ Արսէն Եարման

480 էջ,  490 բժիշկ, 100 դեղագործ, 200 լուսանկար

Սթանպուլի մէջ «Փարոս» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած է՝ Արսէն Եարմանի «Հայ Բժշկական Միութիւն 1912-1922» հատորը, կը հաղորդէ «Հորիզոն»ը:

Քսաներորդ դարու սկիզբը, ազատութեան այն յոյսը, որ սկսած էր տիրապետել Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ, քանի մը տարի ետք օդը ցնդեցաւ Պալքանեան պատերազմի եւ Ա. Աշխարհամարտի պատճառով։ Հայ հաւաքականութիւնը, որ 1908 թուականին տէր կանգնած էր ազատութեան այդ յոյսին, կրնար առաջուց զգալ այն ուժեղ եւ բնաջնջող փոթորիկը, որ պիտի փչէր 1909-1915 թուականներու միջեւ։

1915ին Սթանպուլի մէջ ափ մը հայ բժիշկներ, փոթորիկին ճիշդ մէջտեղը կը շարունակէին թէ՛ իրենց ասպարէզը գործադրել եւ թէ փաթթել պատերազմին ու տեղահանութեան վէրքերը։ Այս բժիշկները, որոնք կը նախագահէին կամ կ՛անդամակցէին Բժշկական Միութիւններու, որոնք դասեր կու տային բժշկական վարժարաններու մէջ, կամ պատասխանատութիւններ կը ստանձնէին Կարմիր Խաչի եւ Հիլալի Ահմէր Միութիւններուն կամ Օսմանեան բանակին մէջ, ամէնէն աննպաստ պայմաններու ներքեւ իսկ լրիւ կատարած են իրենց մասնագիտական եւ ընկերային պատասխանատուութիւնները, իրենց ընտանիքները տեղահանութեան եւ Մեծ Եղեռնի պատճառաւ կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ։

Հայ Բժշկական Միութիւնը («Էրմէնի էթիպպա ճէմիյէթի»), որ 1912ին հիմնուած էր, տասը տարի շարունակ ծառայութիւն մատուցանեց, 1912-1922  թուականներուն հրատարակեց «Դարման» անուն պարբերաթերթ մը, որ լեցուն է այդ շրջանին Սթանպուլի, Անատոլուի, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ ապրող բժիշկներուն հակասական կեանքի հետքերով։ Այս գիրքը, զոր ի ձեռին ունիք, կը պատմէ այս մտաւորական մարդոց հակասական զգացումները ինքնութեան, քաղաքականութեան եւ գաղափարախօսութեան նիւթերու շուրջ, անոնց օգտապաշտ շարժուձեւերը եւ մտածումները, ինչպէս նաեւ էթնիք եւ ազգային գաղափարախօսութիւնները, որոնք մեր պետական դրութեան դէմ էին, մերթ ալ կը միանային պետական դրութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին