Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Քաղաքական Դէմքերու Անամօթ եւ Անխիղճ Իրականութիւնը

  *ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերի գեղանկարը կը պատկանի Ճոն Գոլիէրի, գծուած է 1897ին: Ան կը ներկայացնէ 11րդ դարուն ապրած անկլօ-սաքսոն իշխանուհի  Կըտայվան (Godiva)՝ կողակիցը անկլօ-սաքսոն Լէօֆրիք իշխանին:

Պատմութիւնը կ՛ըսէ, որ Կըտայվան խնդրած է իր ամուսինէն, որ իր խեղճ ու աղքատ  հպատակներուն վրայէն թեթեւցնէ տուրքերն ու անիրաւութիւնը: Որոշ ատեն մը մերժելէ ետք, ամուսինը կը համակերպի, սակայն փոխարէնը կը դնէ շատ դժուարին պայման մը՝ որն է, թէ կինը մերկ վիճակով ձիուն վրայ նստած պիտի շրջի իր իշխած Քովենթրի  քաղաքի փողոցներուն մէջ, որպէսզի խնդրանքը իրագործուի:

Ժողովուրդին նուիրեալ ու անոր ցաւերը բաժնող  ազնիւ իշխանուհին, հակառակ ամօթալի եւ նուաստացուցիչ այս պայմանին՝ ակամայ եւ ամօթահար կը յօժարի:

Պատմութիւնը կ՛ըսէ, որ միայն մազերով ինքզինք ծածկած իշխանուհիին շրջագայութեան պահուն՝ քաղաքին փողոցները պարապ կ՛ըլլան: Ժողովուրդը յարգելով իշխանուհիին զոհողութիւնը, իր տունը կը քաշուի ու դուռ պատուհան կը փակէ՝ չտեսնելու եւ աւելի եւս չամչցնելու իր սիրելի իշխանուհին…:

Գեղանկարիչը հիմնուելով այս առասպելական պատմութեան վրայ՝ իշխանուհին կը ներկայացնէ ամօթխած եւ գլուխը կախ, ձիու վրայ քաղաքին մէջ շրջելու պահուն:

Ենթադրաբար եթէ փորձենք մեր ժամանակին մէջ կիրառելի տեսնել այսպիսի երեւոյթ մը, հարց կը յառաջանայ, թէ տուրքերով ժողովուրդը ճնշող ու փտածութեամբ յայտնի այսօրուան մեր քաղաքական դէմքերը, արդեօք այսպիսի քայլի մը կը դիմէի՞ն։ Ինքնաբերաբար ալ միւս հարցը կը յառաջանայ, որ եթէ այդ քայլին դիմէին, ի՞նչ կրնար ըլլալ իրենց կանանց եւ ժողովուրդին մօտեցումը, հաւանաբար վերը ըսուածին ճիշդ հակառակը՝ մեր ժամանակներու կանացիական մերկութեան անսահմանօրէն տարածուած վիճակին մէջ, անոր չունենալիք ազդեցութեամբ…։ Հետեւաբար ցաւալի եզրակացութիւնը ինքնաբերաբար այն կ՛ըլլայ, որ դժուար թէ բան մը փոխուի քաղաքական վերնախաւին մօտեցման մէջ եւ այս մերկապարանոց անամօթութեան վիճակը շարունակուի երկա՜ր ժամանակ… սովորական դարձած ու կանոնի վերածուած անխղճութեան ու  փտածութեան իրականութեամբ։

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին