Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Սուրիահայ Վարժարաններու Աշակերտները Ստացան Իրենց Առաջին Կիսամեայի Վիճակացոյցները

Սուրիահայ վարժարաններու աշակերտները ստացան առաջին կիսամեայի իրենց վիճակացոյցները։ Տնօրէնութեանց կողմէ գնահատանքի արժանացան առաջնակարգ եւ հայերէնի մէջ գերազանց աշակերտները, կը գրէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։

Պատերազմական ծանր պայմաններու մէջ, սուրիահայ վարժարանները կը շարունակեն ուսում եւ հայեցի կրթութիւն ջամբել հայ աշակերտութեան։  Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան ծնողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմը իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ ու կը շարունակէ ունենալ աշակերտներու տրամադրութեան, ուսումնական կեանքին եւ կեդրոնացման վրայ։ Կենցաղային դժուարութիւններն ու հրթիռակոծումները յոգնաբեկ դարձուցին բոլորը՝ աշակերտ ըլլան թէ ծնողք, այնուամենայնիւ վարժարան-ծնողք-աշակերտութիւն գործակցութեամբ հնարաւոր եղաւ՝ յաղթահարել ուսումնակրթական դժուարութիւնները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին