Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարուին

Լրատուական տեղեկութիւններ նշեցին, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան պիտի ազատուի իր պաշտօնէն եւ անոր պիտի փոխարինէ ՀՅԴ-ի թեկնածու Լեւոն Մկրտիչեան: Վերջինս նախապէս երեք առիթներով ստանձնած է կրթութեան նախարարութիւնը: Այս փոփոխութիւնը եթէ հաստատուի, մաս պիտի կազմէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Դաշնակցութեան միջեւ իշխող դաշինքի ձեւաւորման համաձայնութեան: Կը կարծուի, որ այդ մասին պիտի յայտարարուի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի  կայանալիք նիստէն ետք: Նաեւ կը շրջանառուի, որ տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանին պիտի փոխարինէ Դաշնակցական Արծուիկ Մինասեան: Նշենք, որ բանակցութիւններ կ’ընթանային նաեւ արդարադատութեան եւ տարածքային կառավարման նախարարութիւններու շուրջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին