Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Կարեւոր Գործընկերներէն Է

Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը կը հիմնուի առաջին հերթին ընդհանուր արժէքային համակարգի վրայ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Եւրոպական խորհրդարանի Պահպանողականներու եւ բարեկարգիչներու խմբակի նախագահին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին: Սահակեան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն մէկը: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը կը հիմնուի առաջին հերթին ընդհանուր արժէքային համակարգի վրայ եւ մեր երկիրը հաստատակամ է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ընդլայնելու հարցով: Եւրոպացի հիւրը շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երկխօսութեան միջոցաւ լուծելու սկզբունքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին