Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Գիտութեան Եւ Մշակոյթի Ոլորտի Գործիչներու Յուշատախտակներ Երեւանի Մէջ

Երեւանի աւագանին 7-րդ նստաշրջանի առաջին նիստին միաձայն կողմ քուէարկութեամբ հաւանութիւն տոած է՝ հայ անուանի բանաստեղծուհի, գրող, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ Մետաքսէի յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակ տեղադրելու մասին որոշման նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդեն Երեւանի Քաղաքապետարանէն։

Երեւանի աւագանիի հաւանութեան արժանացած են նաեւ միջնադարու հայ գիտնական, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Մխիթար Գօշի, ՀԽՍՀ վաստակաւոր բժիշկ, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի գլխաւոր մանկաբոյժ Ռոզա Մկրտչեանի, ականաւոր պատմաբան, ակադեմիկոս եւ քարտէզագիր Սուրէն Երեմեանի, լուսանկարիչ Գաբրիէլ Խանոյեանի, ականաւոր պատմաբան, ակադեմիկոս Հրանդ Աւետիսեանի եւ քանդակագործ Խաչատուր Յակոբեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակներ տեղադրելու մասին որոշումներու նախագիծերուն:

Երեւանի աւագանին միաձայն կողմ քուէարկութեամբ որոշում կայացուցած է՝ «Ոսկէ ծիրան» հասարակական կազմակերպութեան տրամադրուած տարածքի անհատոյց օգտագործման պայմանագիրի գործողութեան ժամկէտը երկարեցնելու մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին