Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

«Բանակին Մէջ Կարելի Է Աւելի Հետեւողական Պայքար Մղել Արատաւոր Բառքերու Դէմ» . Սէյրան Օհանեան

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ բանակին մէջ կարելի է աւելի հետեւողական պայքար մղել արատաւոր բառքերու դէմ: «Ես բանակին մէջ արգիլած եմ երկու արտայայտութիւններ արձրակել: Առաջինը՝ բանակը հասարակութեան հայելին է, իսկ երկրորդը՝ բոլոր բանակներուն մէջ տեղի կ’ունենան միջադէպեր», ըսաւ նախարարը: Անոր համաձյն Հայկական բանակը կատարելութեան հասնելու վերջնական հանգրուանին մէջ է, ուր բացառիկ աստիճանի պէտք է ըլլան հայրենասիրութեան բարձր յատկանիշերը, ազգային աւանդոյթները եւ մարդկային բացառիկ յարաբերութիւնները: Նախարարը դիտել տուաւ, որ եթէ ռուսական 102-րդ զօրամասին մէջ եղած են խախտումներ, ապա խախտողները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանողներու եւ դասախօսներու հետ հանդիպումէն ետք նախարարը լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենք կը համագործակցին ռուսական կողմին հետ, համապատասխան մթնոլորտ ստեղծելու համար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին