Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

«Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

Փետրուար 11-12-ին, ժամը` 10:00-18:00, Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) 8-րդ ուսումնական մասնաշէնքի (Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի) նախասրահին մէջ (հասցէ` Աբովեան 52 ա), ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը` նուիրուած Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջ տօնին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Ցուցահանդէս-տօնավաճառին պիտի ներկայացուին սուրիահայերու ձեռքի աշխատանքները` զարդեր, խմորեղէն, ճաշատեսակներ, համեմունքներ եւ ձեռագործ աշխատանքներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին