Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Սէյրան Օհանեան Եւ Բարձրաստիճան Զինուորականներ Նահատակ Զինուորին Շիրակի Մարզի Հայրենի Գիւղը Այցելեցին

Շիրակի մարզի Փանիկ գիւղի մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Զինուած ուժերու հրամանատարական շտապի պետ Եուրի Խաչատուրով եւ շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ մասնակցեցան՝ Հայրենիքի համար հերոսացած Սիմոն Ճավռշեանի հոգեհանգիստի արարողութեան: Իր ցաւակցութիւնը յայտնելով սահմանին վրայ զոհուած զինուորի հարազատներուն, Օհանեան նշեց Ճավռշեանի կատարած սուրբ գործն ու հերոսութիւնը, «առանց որուն կարելի չէր ունենալ անվտանգ Հայրենիք», ըսաւ ան։ Սփոփանքի խօսքեր ըսելէ բացի պաշտպանութեան նախարարը նահատակի ընտանիքին յանձնեց «Մարտական ծառայութիւն» մետալը, որով Ճավռշեանը յետմահու պարգեւատրուած էր ցուցաբերած արիութեան համար: Նախարարը նաեւ հանդիպեցաւ ու զրուցեց համայնքի բնակիչներուն հետ, այցելեց գիւղի Հայրենական եւ Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցներու յուշարձանները։ Անոնց վերանորոգման եւ բարեկարգման համար Օհանեան յանձնարարականներ տուաւ Պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան կառոյցներու ղեկավարներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին