Երէկ Երկուշաբթի, 8 Փետրուարին մեկնարկեց Մեծ պահքը: Այդ շրջանը կը տեւէ 48 օրեր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Զատկի) տօնի նախօրէն (Մարտ 27): Պահքի շրջանին կ՛օգտագործեն բացառապէս բուսական սննդամթերք:
Պահքի ընթացքին կը հրաժարին ոչ միայն որոշ կերակուրներէ, այլեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:
Կերակուրէն հրաժարիլը առանց մեղքէ ետ կանգնելու անօգուտ է: «Սատանան միշտ պահքի մէջ է, ոչինչ կ՛ուտէ, բայց մեղք գործելէ չի դադարիր եւ չի յոգնիր», կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին: «Լերան քարոզ»ի մէջ Քրիստոս պահքի մասին կ՛ըսէ. «Երբ ծոմ պահէք, տրտմերես մի ըլլաք կեղծաւորներու նման, որոնք իրենց երեսները կ՛այլանդակեն՝ որպէսզի մարդոց այնպէս երեւան, թէ ծոմ կը պահեն, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, այդ է անոնց վարձքը, այսինքն` մարդոց երեւալը եւ անոնցմէ գովուիլը: Այլ երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ քու գլուխդ եւ լուայ քու երեսդ, որպէսզի չերեւաս մարդոց ծոմ պահող, այլ քու Հօրդ գաղտնաբար եւ քու հայրդ, որ տեսնէ ինչ որ ծածուկ է, կը հատուցանէ քեզ» (Մատթ. 6:16-18): Զղջումը, աղօթքը, ապաշխարանքը հիմնական պայմաններն են Աստուծոյ զօրութիւնը ստանալու:
« Ինչպէս Ադամը երբ մեղք գործեց, չխոստովանեցաւ, չազատեցաւ, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրի խնդիրն է, որ գործած ամէն մէկ մեղք խոստովանինք, քաւութիւն խնդրենք Աստուծմէ, որովհետեւ ոեւէ քրիստոնեայ ի զօրու է չարի փորձութիւններուն դիմակայելու եւ յաղթանակած դուրս գալու», կը մեկնաբանէ Վետիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յովակիմ քահանայ Յարութիւնեան, կը գրէ Tert.am-ը:
Անոր խօսքով Պահքի կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար պէտք է յիշել, որ անիկա Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած առաջին պատուիրանն է: «Դրախտին մէջ ամէն ծառի պտուղներէն կրնաս ուտել, բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի ուտէք, որովհետեւ այն օրը երբ ուտէք անկէ, մահկանացու կը դառնաք» (Ծննդ.2:16-17):
Մեծ պահքի օրերը կը խորհրդանշեն անապատի մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք Յիսուս «հոգիով անապատ առաջնորդուեցաւ ու քառասուն օր փորձուեցաւ սատանայէն: Չկերաւ ու չխմեց այն օրերունէ (Ղուկ. 4:1-3): Յիսուս Զինք ծոմապահութեան ենթարկեց մարդկային ցեղի փրկութեան համար, մարդկութեան փոխարէն Ինք ապաշխարեց, որպէսզի բոլոր պահեցողութիւն ընողներուն ապաշխարանքը իմաստ եւ իրականութիւն ստանան շնորհիւ Իր ծոմապահութեան: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահոց եւս մէկշաբաթեայ շրջան` Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ:
Մեծ պահքը ունի եօթ Կիրակի, եօթ յիշարժան օրեր. Բուն բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ: