Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ Փետրուար 8-12, հայկական 21 ընկերութիւններ մէկ միասնական տաղաւարով մեր երկիրի սննդարդիւնաբերութեան ոլորտը կը ներկայացնեն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Փրոտ Էքսփօ-2016» միջազգային ցուցահանդէսին:
Ան սնունդի, խմիչքներու եւ սննդային հումքի 23րդ միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէսն է, որ ճանչցուած եւ ընդունուած է արտադրողներու, յատկապէս խոշոր գնորդներու եւ ներմուծողներու կողմէ: «Փրոտ Էքսփօ»ին տարեկան կը մասնակցին շուրջ 2000 կազմակերպութիւններ աւելի քան 65 երկիրներէ, կ՛այցելեն աւելի քան 30.000 մարդիկ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն:
Հայկական ընկերութիւնները միասնական տաղաւարի մէջ կը ներկայացնեն արտադրանքի հարուստ տեսականի. մրգային եւ բանջարեղէնային պահածոներ, հիւթեր, ըմպելիքներ, անուշներ, թթու, մարինացուած բանջարեղէն, թարմ եւ մարինացուած սունկ, գարեջուր, խմելու աղբիւրի շշալցուած ջուր, խաղողի կորիզի, նրան հատիկի եւ կտաւատի իւղ, մսամթերք, միսի ու ձուկի պահածոներ, թէյի տեսակներ, մեղր, ընդեղէն, չիրեղէն, ալքոհոլային խմիչքներ` մրգային խմիչքներ եւ օղիներ, քոնեակ, գինի, ուիսկի:
«Այսօր Հայաստանը ռուսական մեծ շուկային կրնայ առաջարկել սննդարդիւնաբերութեան ընդգրկուն տեսականի, իսկ այսպիսի միջոցառումները ամենակարճ ճանապարհն են մեծաքանակ գնորդներուն հայկական արտադրանքը լաւագոյնս ներկայացնելու, գործարար կապեր ստեղծելու համար: Այսպիսի ցուցահանդէսներու ժամանակ մեր ընկերութիւնները հնարաւորութիւն կ՛ունենան նաեւ ծանօթանալու ոլորտի նորութիւններուն եւ զարգացման միտումներուն», նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան: