Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Հայկական Ձեռագործներու Աննախընթաց Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ

*ԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ*

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 60-ամեակին առթիւ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան եւ եկեղեցւոյ միաւորները` Թաղական խորհուրդը, Տիկնանց յանձնախումբը եւ Աղքատախնամ մարմինը, Հոկտեմբեր 2015-Հոկտեմբեր 2016 տարուան համար ծրագրած են եկեղեցական եւ մշակութային ձեռնարկներու շարք մը:

Արդ ձեռնարկներու ծիրին մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Տիկնանց յանձնախումբը միասնաբար գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին ցուցահանդէս-վաճառքի մը, որ կը տարբերէր իր տեսակին մէջ այլ ցուցահանդէսներէ: Ցուցահանդէսին նպատակն էր մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն հայկական ձեռագործներն ու ձեռային աշխատանքները ցուցադրել եւ վաճառել հանրութեան: Այսպիսով 3-9 Դեկտեմբերին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք:

2015 տարին 100-ամեակն է Ցեղասպանութեան եւ մեր ցեղասպանուած ժողովուրդին յարութեան: Մեր ժողովուրդը սուրիական անապատներէն թափառական, անօթի ու ծարաւ հասաւ Լիբանան, ուր տարիներ բնակեցաւ հիւղաւաններու մէջ: Բայց իր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը զօրաւոր էր: Ան շէնցուց իր նոր տունը, շինեց եկեղեցիներ եւ դպրոցներ: Քրիստոնէութիւնը իր մէջ արմատացած էր եւ հաւատքը զօրաւոր: Կը հաւատար ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ կառոյցին: Կը հաւատար աւանդութիւնները` հոգեւոր թէ մշակութային ժառանգութիւնները, պահպանելու եւ յաջորդ սերունդին փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը: Մեր մայրերը ձեռագործի հմուտ վարպետներ էին, անոնք կ՛աշխատէին եւ շարունակեցին աշխատիլ իրենց ապրուստը հոգալու եւ յատկապէս իրենց զաւակներուն օժիտ պատրաստելու համար: Հայրենի իւրաքանչիւր գաւառ ունէր իրեն յատուկ ոճի ձեռագործներ, ինչպէս Այնթապի, Մարաշի, Վանի, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու: Մեր մեծ մայրերն ու մայրերը շարունակեցին այդ աւանդը պահել սերունդէ սերունդ: Բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ ունինք մեր մայրերէն եւ մեծ մայրերէն մնացած ձեռագործներ, երբեմն պատառիկներ, որոնք իսկական գոհարներ են: Այս ցուցահանդէսին առաջին նպատակը ինչպէս վերը յիշեցինք, ցուցադրել էր մեր մեծ մայրերուն ու մայրերուն աշխատած ձեռագործները: Ցուցադրուեցան նրբաճաշակ տարբեր տեսակի ձեռագործներ, ասեղնագործեր, ժանեակներ,  նոյնիսկ մէկ քանին հասած էին Այնթապէն եւ Խարբերդէն: Երկրորդ` հոն կային նաեւ  մե՛ր սերունդին ձեռագործները, գեղանկարները, սրբանկարները եւ ձեռային աշխատանքները, որոնք իսկապէս հիանալի աշխատանքներ էին: Մեր սերունդը նկատի ունեցանք, որպէսզի առաջին հերթին գնահատենք ու քաջալերենք զիրենք, որոնք իրենց ժառանգած աւանդը վար պահելով` իրենց կարգին կը փոխանցեն զայն յաջորդ սերունդներուն: Եւ երրորդ մեր փափաքն էր, որ այցելուները գնահատէին ցուցադրուած բոլոր ձեռագործները եւ ձեռային աշխատանքները` գնելով եւ գործածելով զանոնք, որպէսզի անոնք ալ  իրենց բաժինը բերած ըլլային վառած ջահին փոխանցումի գործընթացին մէջ:

Յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք մեր բոլոր հայ կիներուն, որոնք սիրայօժար մեզի տրամադրեցին եւ վստահեցան այդ շատ թանկագին եւ «անթիք» ձեռագործները: Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն մեր երիտասարդ կիներուն եւ օրիորդներուն, որոնք իրենց ձեռային աշխատանքներով յաւելեալ փայլք տուին այս ցուցահանդէսին: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր օժանդակ կիներուն, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրեցին մեր ցուցահանդէսի օրերուն՝ օգտակար  հանդիսանալով մեզի:

Վարձքը կատար բոլորին:

«Եռագոյն»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին