Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Կաթոլիկ-Արեւելեան Ուղղափառ Միջեկեղեցական Աստուածաբանական Յանձնախումբի Հերթական Նիստը

Գահիրէի Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ, Յունուար 31-Փետրուար 8 տեղի ունեցած է Կաթոլիկ-արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբի հերթական նիստը:

Յունուար 31-ին Ս. Պիշօ վանքին մէջ յանձնախումբի անդամները ընդունած է եւ իր օրհնութիւնները բաշխած՝ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Թաւադրոս Բ-ը:

Փետրուար 1-5 յանձնախումբը քննարկած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ծիսական աւանդութեան որոշ հարցեր, մասնաւորաբար Մկրտութեան ծիսակարգի ընկալման ու կատարման ծիսական-աստուածաբանական առանձնայատկութիւնը՝ իւրաքանչիւր եկեղեցական ընտանիքի աւանդութեան ծիրէն ներս:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հանդիպման մասնակցած են Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանը եւ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը:

Միջեկեղեցական-աստուածաբանական յանձնախումբի նիստի ընթացքին որոշուած է յաջորդ նիստը գումարել Հռոմի մէջ, 2017 Յունուար 21-28` իբրեւ քննարկման նիւթ ունենալով Սուրբ Պատարագն ու անոր յարակից ծիսական-աստուածաբանական հարցերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին