Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Իրանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կազի Ու Ելեկտրականութեան Փոխանակումը Զարգացնելու Հեռանկարներ

Իրանի Կազի ազգային ընկերության ղեկավար Ալիռեզա Քամելի, խօսելով հայ-իրանեան ուժանիւթային համագործակցութեան մասին յայտարարեց, թէ ներկայիս միջինը մէկ միլիոն խորանարդ մեթր կազ կը մատակարարուի Հայաստան: Քամելի կարեւորեց ուժանիւթի մատակարարման նոր գիծի եւ Հայաստանէն աւելի մեծ ծաւալով ելեկտրականութեան ստացումը: «Ըստ համատեղ համաձայնութեան, հնարաւորութիւն կայ կազի ծաւալները հինգ անգամ աւելցնելու վերաբերեալ», նշեց Քամելին: Նշենք, թէ 2014-ին  Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը յայտարարած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է իրանեան կազ տարանցել երրորդ երկիրներ։ Աւելի վաղ իրանեան լրատուամիջոցները փոխանցած էին Իրանի քարիւղի նախարարի տեղակալ Ալի Մաճետիի յայտարարութիւնը, որ Թեհրանը պատրաստ է Հայաստանի տարածքով կազ արտահանել Եւրոպա: Ինչ կը վերաբերի Իրանի կազի Ազգային ընկերութեան ղեկավարի յայտարարութիւններուն, ան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու հարցին՝ կարեւորելով արտահանման ծաւալներու յաւելման  հանգամանքը: Քամելի նաեւ անդրադարձաւ 400 քիլովաթ բարձր լարման ելեկտրահաղորդման գիծի շինարարութեան, նշելով «Հայաստանը վերջերս նախաձեռնած է 400 քիլովաթ ելեկտրահաղորդման գիծը»՝ նախատեսելով, որ շինարարութիւնը աւարտի երկու տարիէն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին