Կիրակի, 7 Փետրուար 2016-ին, Հայ Եկեղեցին նշեց Բարեկենդանի Տօնը։ Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակնօրեայ Վարժարաններ յաճախող խումբ մը փոքրիկներ ընդունեց Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը քաջալերեց զանոնք, որ կանոնաւոր կերպով կը յաճախեն Կիրակնօրեայ Վարժարան։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու հայ դպրոց ու Կիրակնօրեայ Վարժարան, որպէսզի անոնք հոգեւոր եւ կրթական այս երկու կարեւոր կեդրոններուն մէջ կարենան ստանալ հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւն։