Շաբաթավերջին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1500 կրակոցներ: Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը տիրապետած են իրադրութեան եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: