Վարդանանց տօնին նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Միացեալ Պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 4 Փետրուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10–ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Ամանոս:
Պաշտամունքը առաջնորդեց Պատուելի Սեւակ Թրաշեան: Այս առթիւ հոգեշունչ աղօթք մատուցեց Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակին պատճառաւ Քրիստոնէութիւնը ամուր հիմերու վրայ հաստատուած տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:
Օրուան պատգամաբեր Վեր. Հրայր Չոլաքեան շեշտելով նախանձախնդիր ըլլալու աստուածատուր յատկութիւնը, կարեւորեց Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու տարած բծախնդիր եւ աստուածահաճոյ ընթացքը:
Ան ըսաւ. «Այս օրուան մէջ, Աւարայրի պատերազմէն 1565 տարիներ ետք, մենք պաշտամունքի կը հաւաքուինք իբր հաւատացեալ հայորդիներ, յիշատակելու Վարդաններն ու Ղեւոնդները, որոնք Աստուծոյ սրբազան Խօսքին մէջ թրծուած ըլլալով կը ցուցաբերեն առողջ նախանձախնդրութիւն, նախ Աստուծոյ ու իր խօսքին ու ապա ազգին հանդէպ – անոնք կը ցուցաբերեն հաւատքի հաւասարակշռութիւն՝ առողջ նախանձախնդրութիւն, որ պատերազմն անգամ կը վերածէ պատեհ առիթի մը յայտարարելու Աստուծոյ մեծութիւնն ու յաւիտենական ծրագիրները. առիթ մը յիշեցնելու, թէ պատերազմը ոչ մեր անձերը փրկելու ու ոչ ալ Աստուծոյ վրէժխնդրութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով թշնամին ջախջախելու համար է. թէ նախանձախնդրօրէն պայքարիլը կեանքի համար ու կեանքի տիրոջ փառքը պատմելու համար է:
Եթէ կեանքի մէջ բարելաւումն ու յառաջդիմութիւնը կը պարտինք նախանձախնդիր անձերու, մենք իբր հայ ժողովուրդ մեր հաւատքի յաղթանակներն ու անոր մէջ յառաջդիմութիւնը կը պարտինք Սուրբ վարդաններու եւ Սուրբ Ղեւոնդներու առողջ նախանձախնդրութեան… հաւատքի մէջ իրենց ունեցած բծախնդրութեան…:
Մենք այսօր հոս չենք հաւաքուիր պարզապէս յիշատակելու, ոչ ալ Աստուծոյ փառք տալու Վարդանի ու Վարդաններու համարէ այլ ուխտելու, որ մեր կեանքի ամէնէն փոքր պայքարէն մինչեւ ամէնէն մեծին մէջ ալ պիտի ըլլանք ե՛ւ նախանձախնդիր, ե՛ւ բծախնդիր ու լաւագոյնին ցանկացող, միշտ թրծուած Աստուծոյ խօսքին մէջ»։
Հայ Աւետ. Թորոսեան վարժարանի աշակերտներէն Հրակ Մամիկոնեան եւ Լիլիթ Յովհաննէսեան արտասանեցին Հայր Վահան Յովհաննէսեանի Հայր եւ Որդի բանաստեղծութիւնը: Էշրեֆիէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիի երգչախումբը ղեկավարութեամբ Տիկ. Եսթեր Քիլաղպեանի երգեց «Լռեց Ամպերը» եւ «Հայուն Երգը»:
Օրուան նուիրահաւաքէն գոյացած գումարը, ըստ վերջին տարիներու աւանդութեան, կը տրամադրուի Թեհրանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներուն:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի եւ ՄԱՀԱԵկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Առաքելական Օրհնութեամբ:
Նախանուագներն ու վերջանուագները դաշնամուրի վրայ նուագեց Տիկ. Եսթեր Քիլաղպեան: