«Աւարայրի դաշտը ներկեց արիւնդ,
Անմահ Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան»:
Այս եւ նման վարդանաշունչ երգերով սկսաւ Չորեքշաբթի, 3 Փետրուարի օրը Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն ներս:
Առաւօտուն, Ս. Պատարագ մատուցեց գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ իր քարոզին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց անմահ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի անժամանցելի պատգամը՝ ուղղուած բոլոր ժամանակներու հայութեան:
Աւարայրի ճակատամարտը ճակատագրական եղած է հայ ժողովուրդին համար, որ հաւատափոխութեան դէմ պայքար մղելով կերտած է իր պատմութեան կարեւոր դրուագներէն մէկը:
Այս դիւցազներգութեամբ ոգեշնչուած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց Չորեքշաբթի, 3 Փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ օրուան պատգամախօս՝ Պրն. Սարգիս Նաճարեանի:
Բացման խօսքը կատարեց 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան, որ ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտը կը մարմնացնէ գաղափարական մը եւ կը թարգմանէ ազնուական ձգտում մը: Ան նշեց, թէ հայոց փոքր ազգը ուզեց իրականացնել մեծ երազ մը՝ հաւատքի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան երազը, ազգի ու լեզուի գոյատեւման երազը, մեր հոգեղէն գոյութեան երազը: Կանիմեան նշեց, թէ Վարդանի եւ իր ընկերներուն հաւատքի ջահով լուսաւորուեցան անոնց ժառանգորդները, որոնք ազատութեան երկինքներ բացին մեր դիմաց, կերտելով Սարդարապատը եւ ազատագրելով Արցախը:
Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտութեան ներկայացումով: Անոնք արտասանութեամբ եւ երգով մասնակցութիւն բերին այս տօնակատարութեան: Ա. եւ Բ. դասարանները յաջորդաբար կատարեցին «Ուխտ Վարդանանց» եւ «Վարդանանք» ասմունքները, որմէ ետք 5-րդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան» եւ «Գողթնի Քնարք» երգերը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ խմբագիր, լրագրող եւ մտաւորական Պրն. Սարգիս Նաճարեանը: Ան ըսաւ, թէ Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ»ի քայլեգին մէջ խտացուած կը գտնէ Վարդանանաց ճակատամարտի ամբողջ խորհուրդը, երբ իրապէս «խենթ»եր էին մեր հայազգի ինքնուրոյն գոյութեան ու գոյատեւման ճար ու հնար գտնողները: Այդ ճարն ու հնարը անոնց նահատակութիւնն էր, որպէսզի ազգը կանգուն մնայ ու գոյատեւէ, ըսաւ Պրն. Նաճարեան աւելցնելով, որ այդ նահատակները հայրենասիրութեան, ազատասիրութեան, կրօնասիրութեան, ազգային ինքնուրոյնութեան պաշտպանութեան սրբազան «խենթ»եր էին, որոնք մեռան որպէսզի մենք ապրինք ինքնուրոյն դիմագիծով:
Պրն. Նաճարեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ սփիւռքահայութեան կեանքը այսօր ալ Աւարայր մըն է, հետեւաբար մենք զօրակոչուած ենք հակազդելու մեր ազգային դիմագիծէն, լեզուէն, աւանդութիւններէն, ցեղային յատկանիշներէն ու մշակոյթէն հեռացնող ազդեցութիւններուն, օտարամոլ բարքերուն, եւ արդիականութեան պիտակին տակ ներկայացող այլասեռող երեւոյթներուն:
4-րդ դասարանի աշակերտները խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին «Խորհուրդ Վարդանանց»ը: Այնուհետեւ 3-րդ դասարանէն Սերժիօ Հայրանեանի եւ Մարտիկ Դանիէլեանի կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն մը որդիի ու հօր միջեւ, ուր վերջինս կը յորդորէր իր զաւակին ըլլալու արի Վարդան մը:
Յայտագիրը աւարտին հասաւ Մէրի Ճուրեանի, Սերժիօ Ահարոնեանի եւ Նարեկ Նագգաշեանի «Զինուորի Երգ»ի կատարումով, ընկերակցութեամբ վարժարանի երգչախումբին:
Հանդիսութեան աւարտին տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտէն 1565 տարիներ ետք մենք այսօր կը տօնենք պարտութիւն մը, որ ինքնին յաղթանակ մըն է, որ կ՛ապացուցուի մեր գոյութեամբ, հայկական դպրոցներու եւ հայերէն լեզուի գոյութեամբ: Ան իր խօսքը փակելով ըսաւ, թէ Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը յաւերժացնելու միակ ձեւն է՝ հայերէն լեզուին ու մշակոյթին տէր ըլլալն ու հայօրէն ապրիլը, այդպիսով քալելով Վարդաններու ճամբայէն:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ