4 Փետրուար 2016ին Վարդանանց հերոսամարտի տօնակատարութիւնը Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ, Ցնծութեան օր էր Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ համար, ուր հաւաքուած էին հայկական ամէնօրեայ վարժարաններէն (Համազգային Գօլստըն Ճեմարան եւ ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Վարժարան) աւելի քան 200 աշակերտներ, երկու տնօրէնները եւ 15 Հայ եւ ոչ Հայ ուսուցիչներ, տօնակատարելու համար Վարդանանց Հերոսամարտի 1565ամեակը:
Առաջնորդ Սրբազան հայր Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան, մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մասնակցութեամբ քահանայ հայրերուն, սարկաւագներու եւ դպիրներու: Այս կարեւոր տօնին յիշատակումը նախաձեռնութիւնն է Սրբազան Հօր եւ երկրորդ տարին ըլլալով դարձած է աւանդութիւն: Աշակերտները երկիւղածութեամբ եւ յարգանքով հետեւեցան Պատարագին, ապա մէկ առ մէկ մօտենալով սկիհներուն ստացան Սուրբ Հաղորդութիւն: Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը տուաւ իր քարոզը. ան բացատրեց Վարդանանց Ճակատամարտի կրօնաքաղաքական դրդապատճառները եւ յստակացուց «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» խօսքին խորհուրդը: Աշակերտները, ուսուցիչները եւ ներկայ հաւատացեալները ճաշի հիւրերը եղան Տիկնանց Յանձնախումբին:
Տիպար Հայ մօր գուրգուրանք ցուցաբերեցին Տիկնանց Յանձնախումբի տիկինները հանդէպ մեր մեծցող սերունդին: Ճաշի ընթացքին երկու վարժարաններու աշակերտներն ու ուսուցիչները առիթ ունեցան իրարու հետ իրենց յարաբերութիւնները աւելի սերտացնելու: Ժամը 1ին աշակերտութիւնը հրաւիրուեցաւ եկեղեցի, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր երկու վարժարաններու աշակերտներու խմբական երգերով եւ արտասանութիւններով: Իրենց շնորհակալութեան խօսքը արտասանեցին Գօլստըն Ճեմարանի կողմէ 10րդ դասարանի աշակերտուհի Նանոր Մուրատեան իսկ Ալեքսանտր Վարժարանէն վեցերորդ դասարանի աշակերտ Մատթէոս Զորլու:
Ապա յաջորդաբար Գօլստըն Ճեմարանի Տնօրէն Պրն Էտի Տէմիրճեան եւ Ալեքսանտր Վարժարանի Տնօրէն Պրն Մանուկ Տէմիրճեան արտասանեցին իրենց սիրտի խօսքերը: Յայտագիրի երկրորդ մասով ցոյց տրուեցաւ ֆիլմ մը “Everyone prays at St Etchmiadzin” խորագրով: Ֆիլմը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց բոլոր ներկաներուն մօտ: Սրբազան Հայրը իր խրախուսող ու գօտեպնդող խօսքերով, անգլերէն եւ հայերէն, գնահատեց Հայ վարժարաններու խաղցած դերը, օրհնեց աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնները, ծնողները եւ յաջող երթ մաղթեց անոնց: Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ժամը 2ին Սրբազան Հօր աղօթքով:
Դիւան Առաջնորդարանի