Վարդանանք է այսօր: Վարդանանքի մասին շատ գրուած է եւ խօսուած, վիճաբանութիւններու եւ վերլուծութիւններու ասուլիսներ կազմակերպուած են, ճակատամարտի մասին թեր եւ դէմ կարծիքներ յառաջացած, հանդէսներ ու ոգեկոչումներու ձեռնարկներ տեղի ունեցած են:
Այսօրուան մեր խմբագրականով Վարդանի սրբութիւնը կամ Վասակի դաւաճան թէ իրապաշտ քաղաքագիտութիւնը պիտի չվերլուծենք: Այլ պիտի փորձենք այլ տեսանկիւնէ ալ դիտել Վարդանանքն ու անոր մեզի ձգած աւանդը:
Ժողովուրդները կ՛ապրին ու կը գոյատեւէն իրենց անցեալի պատմութեան յիշատակութիւններով ու սեփական մշակոյթով հիմնաւորուած՝ իրենց հայրենի հողին վրայ, որոնք կը կազմեն սերունդներու շարունակական կեանքի հոգեւոր ու բարոյական սնունդը: Ծառի արմատը որպէս օրինակ. նոյնն ալ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, սերունդները առանց իրենց պապերուն կերտած պատմութեան ու մշակոյթի հաւատարմութեան՝ կը կորսցնեն ինքնութիւնը եւ իրենց ով ըլլալու գիտակցութիւնը:
Իր կրօնական բնոյթին զուգահեռ մշակոյթներու պայքար մըն էր Հայ – Պարսիկ պատերազմը: Մշակոյթի մը՝ ուրիշ մշակոյթ մը ճնշելու եւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւն տարածելու մարդկային պատմութեան մէջ հին-նոր ընհարում մը, զոր կ՛ապրինք այսօր ալ: Հակառակ այդ օր Վարդանի նահատակութեան, կամ հայոց բանակի ֆիզիքական պարտութեան՝ պարսկական մշակոյթին դէմ Հայ ժողովուրդի ընդվզումը յաղթանակեց… այդ յաղթանակը Հայ մշակոյթին յաղթանակն էր չձուլուելու պարսկականին մէջ:
Իր ազգային բնոյթին մէջ, Աւարայրի ճակատամարտի պատմութիւնը իր էութեամբ դարձաւ օրինակելի դաս, յետագայ սերունդներու հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ ազատութեան գաղափարներու ներշնչանք, որուն ազդեցութիւնն ու արդիւնքը տեսանք Հայ ազատագրական շարժումներուն, Սարդարապատի ժողովրդական ճակատամարտին եւ մեր ներկայ՝ Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ:
Յիշելով Վարդանանքը այսօր, մենք կը յիշենք Հայոց պատմութեան ընթացքին Հայրենիքին եւ հայ մշակոյթին նուիրեալները, որոնց շնորհիւ մենք կանք, Հայրենիքն ու մշակոյթը կան:
Յիշելով Վարդանանքը, կը յիշենք մեր ներկայ Հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը:
Վարդանանքը յիշելով այսօր մենք կ՛ուզենք մեր Հայրենիքը տեսնել հզօր: Տեսնել մեր անմահ հերոսներուն տեսլականներուն իրականացումը: Տեսնել ո՛չ ձուլում ու այլասերում՝ այլ ազգային հպարտութիւն ու Հայ մշակոյթի յաւիտենականութիւն: Տեսնել ո՛չ արտագաղթ, այլ՝ հայահաւաք: