Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Հալէպի Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 3 Փետրուար 2016-ին, Հալէպի Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի Տիկնանց Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Վարդանանց Տօնակատարութիւն Սրբոյ Վարդանանց Տօնին առթիւ, առաւօտեան ժամը՝ 10:00-ին, Եկեղեցւոյ «Սողոմոնեան» Սրահէն ներս: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցւոյ «Ֆէյսպուք»ի էջը:

Օրուան դասախօսութիւնը ներկայացուց Օրդ. Ալին Բանոյեան: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Աւարայրի Ճակատամարտին եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ շեշտելով, թէ համերաշխութեան հոգին զարգացնելով փարինք մշակութային գործերուն, ամուր բռնելով մեր միասնականութիւնը եւ քաղցրութեամբ ու գուրգուրանքով միշտ պահենք մեր ինքնութիւնը, քրիստոնէական հաւատքը, հայ եկեղեցին եւ հայ դպրոցը:

Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին