Եւրոպական Միութեան նիւթական աջակցութեամբ եւ ՄԱԿի մանկական հիմնադրամի, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ու «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ Փետրուար 2ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին համար իրականացած է՝ «Սփիւռքի ներգրաւման ռազմավարութիւնները» թեմայով դասախօսութիւն: Բանախօսը եղած է իրլանտական Diaspora Matters (Սփիւռքի Հարցեր) կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քինկսլի Այքինսը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։
ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունած է հիւրը եւ շնորհակալութիւն յայտնած ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակին` դասախօսութիւնը կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար: Նախարարը նշած է, որ Իրլանտայէն հրաւիրուած դասախօսը միջազգային կարգի փորձագէտ է: Անոր ղեկավարած կազմակերպութիւնը խորհրդատուական ընկերութիւն է եւ կ՝ուղղորդէ կառավարութիւններ, կառոյցներ ու անհատներ սփիւռքներու վերաբերեալ հարցերուն մէջ: «Կը կարծեմ, որ անոր փորձը, դիտարկումներն ու հետազօտութիւները կրնան օգտակար ըլլալ նաեւ մեզի համար», նշած է նախարարը:
Քինկսլի Այքինսը ներկայացուցած է Իրլանտայի տնտեսութեան եւ գործարարութեան ոլորտին մէջ Սփիւռքի ներգրաւուածութեան բացառիկ ձեւաչափը: Ան նշած է յաջողութեան հասնելու կարեւոր գործօնները, Սփիւռքի նախաձեռնութիւններու ձախողման պատճառները, մարտահրաւէրներու եւ թերութիւններու հնարաւոր դրսեւորումները: Կարեւոր համարուած է այլ երկիրներու կողմէ Սփիւռքի խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը, յատկապէս տնտեսութեան եւ գործարարութեան զարգացումը, աշխատատեղերու ստեղծումը:
Այքինսը կարեւոր համարած է ցանցային կապերու ստեղծումը, վստահութեան ամրապնդումը, Սփիւռքը լսելը, ճկունութիւնը, յստակ ուղղորդուած ռազմավարութիւնը: Ան նշած է, որ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է յաջորդ սերունդի` երիտասարդութեան հետ աշխատանքը, անոր ներգրաւուածութիւնը ծրագիրներու մէջ եւ տարեցներու հետ աշխատանքի յատուկ ռազմավարութիւնը: Անոր համոզմունքով Սփիւռքի խնդիրները կը դառնան շատ աւելի կարեւոր պետութիւններու եւ կառավարութիւններու համար: «Իւրաքանչիւր երկիր ունի Սփիւռքի դրամագլուխ տարբեր մակարդակներու վրայ, որ կազմուած է մարդոցմէ, ցանցերէ, կապերէ, ֆինանսներէ ու գաղափարներէ», նշած է Քինկսլի Այքինսը:
Բոլոր հարցերը ամփոփուած են աշխոյժ քննարկումներով ու հետաքրքրական առաջարկներով, նախանշուած են յաջորդական քայլերը:
Նշենք, որ իրլանտական Diaspora Matters կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քինկսլի Այքինսը, 2011-ին հրատարակած է ձեռնարկ համաշխարհային սփիւռքի ռազմավարութեան վերաբերեալ: 2012-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդէս եկած է իբրեւ բանախօս Հիլըրի Քլինթընի կազմակերպած սփիւռքի համաշխարհային ֆորումին եւ 2013-ին գլխաւորած է Տապլինի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային սփիւռքի գիտաժողովը: