Երեքշաբթի 2 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագին ներկայ էր Բերիոյ Հայոց թեմի Հալէպի քահանայից դասը: Օրուան պատարագիչն էր Արժանապատիւ Տ. Զարեհ քահանայ Շաքարեանը: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:
Նշենք, որ Աւանդութեան համաձայն՝ այդ օրը բոլոր քահանաներու տօնն է: Ղեւոնդեան քահանաները Աւարայրի ճակատամարտին սրբացած քաջորդիներն են: Անոնք կը քալէին հայոց բանակի առջեւէն եւ իրենց բոցաշունչ խօսքերով կը քաջալերէին, ոգի եւ ուժ կը հաղորդէին Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու հայոց ինքնութեան համար պարսից զօրքերու դէմ ոտքի ելած հայ մարտիկներուն: Տարիքով աւագը Ղեւոնդ Երէցն էր, որու անունին կողքին հայ պատմիչները կը յիշատակեն նաեւ Յովսէս կաթողիկոսի, Սահակ եպս. Ռշտունեացի, Բասէնեաց Թաթիկ եպիսկոպոսի, Մուշէ կամ Մուշեղ քահանայի, Արշէն երէցի, Սամուէլ քահանայի, Աբրահամ եւ Քաջաջն սարկաւագներու անունները: Վարդանանց հերոսամարտէն յետոյ պարսից Հազկերտ արքան վրէժխնդիր եղաւ հայոց քաջերուն: Անոր հրամանով նահատակուեցան հայոց քաջարի հոգեւորականները:
Բուն Բարեկենդանը կանխող Երեքշաբթի օրը, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն նուիրուած է Ղեւոնդեանց Քահանայից, որոնք մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն, իրենց հաւատքի ամրութեամբ եւ պաշտօնի գիտակցութեամբ առաջնորդ հանդիսացան՝ յոյս ու կորով ներշնչելով հաւատքի եւ Հայրենիքի համար մղուող Վարդանանց ճակատամարտին:
Արդարեւ Բերիոյ հայոց թեմն ալ իր հաւատացեալներով արժանաւորապէս կը նշէ այս սուրբ տօնը: