Լիբանանեան «Ալ Մանար» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրա քանդած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ղնէյմիյէ գիւղին եկեղեցիները։
Պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսագրութեան մէջ կը ներկայացուի Ժագ անունով անհատ մը, որ Ղնէյմիյէ գիւղին Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք‚ տարիներու սպասումէ յետոյ կ’այցելէ իր տունը‚ որ քարուքանդ եղած է։
Գիւղին հայկական եկեղեցին եւ աւետարանական եկեղեցին ենթարկուած են դիտաւորեալ քանդումի։ Քանդուած եւ պղծուած են նաեւ գերեզմանները։ Գիւղի հայ բնակիչներէն մէկը պատկերասփիւռի կայանին կը յայտնէ. «Այս չարիքի արմատը թուրքերն են՝ իրենք է, որ կացութիւնը այս վիճակի հասցուցին, իրենք է, որ քանդեցին։ Իսկ զինեալները հարազատ կրկնօրինակն են թուրքերուն‚ որոնք կրօնք չունին‚ ո՛չ երկիրի վրայ‚ ո՛չ ալ երկինքի մէջ»։
Զինեալները գիւղին մէջ միայն քանդում ու տեղահանութիւն պատճառած են։ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները գիւղը վերածած են իրենց հրամանատարական կեդրոնին։ Գիւղին տուները քարերէ շինուած են եւ ժայռափոր են‚ զինեալ խմբաւորումներու շրջանէն վտարուելէ առաջ վերածուած էին թրքական գաղտնի սպասարկութեանց կեդրոնի‚ որ կը գտնուէր իրենց գլխաւոր կեդրոնին՝ Սալմա բնակավայրի թիկունքը։
«Ալ Մանար»ի լրագրողը տեսաերիզի վերջաւորութեան կը նշէ. «Հայերուն դէմ թուրքերուն ջարդերը կը կրկնուին 21-րդ դարուն. այդ է կարծիքը համեստ Ղնէյմիյէ գիւղի բնակիչներուն»։