Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած «Աննա Հետուիգ Պիւլ» կամ «Վերջին աղօթքը» փաստավաւերագրական ֆիլմը համացանցի վրայ է: Ֆիլմը պատրաստած են «Sharm Pictures»ը եւ «Yan Team Production»ը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի պատուէրով:
Ինչպէս «Արմէնփրես»ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով «Sharm Pictures»ը, ֆիլմը կը պատմէ էսթոնացի միսիոներ Աննա Հետուիգ Պիւլի մասին, որ 1909 թուականին առաջին անգամ ոտք դրաւ Մարաշ, Կիլիկիա եւ այդ ժամանակէն դարձաւ հայերուն մեծ բարեկամը` յետագային իր կեանքը նուիրելով Եղեռնէն փրկուած հայ որբերուն եւ այրիներուն:
Ան իր գործունէութիւնը շարունակեց նաեւ Սուրիոյ, Հալէպի մէջ` զբաղելով տարագիր հայերու կենսական կարեւորութեան հարցերով, դարձաւ հազարաւոր որբերու Մայրը, իսկ այրիներու համար եղաւ քոյր:
26 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմը հիմնուած է իրական փաստերու, Պիւլի եւ անոր հասցէագրուած որբերու նամակներուն վրայ: Ֆիլմին մէջ տեղ գտած են նաեւ 1909-էն մինչեւ 1980-ական թուականներուն հայերու ճակատագիրին վերաբերող պատմական ակնարկներ: Կը ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ հայերու կեանքը 1915 թուականէն ետք:
Կեանքի վերջին տարիները Պիւլ Մայրիկը անցուցած է գերմանական ծերանոցներէն մէկուն մէջ: 90նոց զառամեալ կինը` մահուան մահիճին մէջ պառկած, մոռցած էր այն 6 լեզուները, որոնց ան ազատօրէն կը տիրապետէր եւ կ՛աղօթէր հայերէն:
«Իմ սիրտս հայկական է», այսպէս ըսած է Պիւլ Մայրիկը: Եւ միշտ անոնց հետ էր այդ սիրտը, որով ջերմացուցած էր ու փրկած: Հայերու մէկ սերունդ չէ, որ կը փայփայէ անոր մասին յիշողութիւնները:
Սենարի հեղինակը Սոնա Ալեքսանեանն է, բեմադրիչ Վահէ Եանը: Օպերաթորը` Ռոբերտ Խարազեանը, իսկ արտադրողը Կարէն Ղազարեանը: