Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Բագրատ Էստուկեան Կ՛ահազանգէ Պոլսոյ Հայ Համայնքին Մէջ Առկայ Խնդիրներու Մասին

Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքի համար 2016 թուականին գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան հարցը: Այս մասին «Արմէնփրես»­ին յայտնած է Սթամպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր Բագրատ Էստուկեան:

«Այդ ընտրութիւնները կարգաւորող կանոնադրութիւնը կը բացակայի, հետեւաբար արդէն քանի տարիէ չենք կրնար ընտրութիւն իրականացնել: Պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած նոյնպէս խոչընդոտներ կան: Նոր պատրիարք պէտք է ընտրենք, բայց կարգադրութիւնները ձեռնտու չեն: Ահա ասոնք են գլխաւոր խնդիրները», ըսած է­ Բագրատ Էստուկեան:

Անոր խօսքով օրեր առաջ այդ հարցերու հետ կապուած ընդհանուր ժողով կազմակերպուած էր: Կը մասնակցէին տեղի համայնքի բոլոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Ժողովին կարծիք հնչած է, որ յոյս չկայ, թէ մինչեւ 2017 թուական հնարաւոր ըլլայ ընտրութիւն կազմակերպել: Ատիկա կը վերաբերի թէ՛ պատրիարքի եւ թէ վարչութիւններու ընտրութեան:

Ըստ Բագրատ Էստուկեանի ասիկա իրականութեան մօտ կարծիք է: Պատճառը այն է, որ հայկական համայնքին մէջ չեն կրնար այդ հարցերուն շուրջ ընդհանուր եզրակացութեան գալ: Ըստ անոր այս գործընթացը հայկական համայնքի քայքայման պատճառ կը դառնայ: «Սթամպուլահայութիւնը բաւական կազմակերպուած համայնք եղած է 10 տարի առաջ: Վերջին տարիներուն այս անորոշութիւնները համայնքի համակարգը կը խանգարեն, նոյնիսկ այս իրավիճակը անդամներուն մօտ յուսալքութիւն եւ հիասթափութիւն կը յառաջացնեն: Ատիկա վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ», ըսած է­ խմբագիրը:

Ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերուն զուգահեռ Թուրքիոյ հայկական համայնքի համար տնտեսական լուրջ խնդիրներ կան: Բագրատ Էստուկեանի փոխանցմամբ դպրոցները ֆինանսական դժուարութիւններ ունին, մասնաւորաբար ծախսերը աւելցած են: «Ֆինանսական միջոցներու ելքն ու մուտքը հնարաւոր չէ հաւասարակշռել: Սովորաբար ամէն տարի այս շրջանին տնտեսական առումով ճգնաժամ կ՛ունենանք, բայց բարեգործական միջոցներով, նուիրատուութիւններով կը փորձենք մուտքերն ու ելքերը հաւասարկշռել: Այս տարի որոշ դժուարութիւններ կան: Մեր յոյսը հայկական համայնքի միջոցներով իրավիճակը շտկելն է», աւելցուցած է Բագրատ Էստուկեան:

Անդրադառնալով հայկական համայնքի անվտանգութեան խնդիրին ան նշած է, որ Սթամպուլի մէջ այդպիսի խնդիր առ այժմ չկայ, հոս եկեղեցիներուն համար սպառնալիք չկայ: Միայն Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին նման վտանգի տակ է, որովհետեւ պատերազմի գօտիի մէջ կը գտնուի: «Ոչ հայ հասարակութեան, ոչ հայկական հաստատութիւններուն համար լուրջ սպառնալիքներ կան», եզրափակած է «Ակօս» թերթի հայերէն էջի խմբագիրը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին