Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Յատուկ Հովանոցներ Լիբանանի … Ինչո՞ւ

                                                                      *ԱԼԵՔՍ  ԱՇՃԵԱՆ*

Մի քանի ընտանիքներով բարեկամի մը տունը հաւաքուած էինք: Յանկարծ, ըստ սովորութեան ելեկտրականութեան հոսանքը ընդհատուեցաւ: «Ըստ սովորութեան», որովհետեւ որպէս լիբանանցիներ վարժ ենք նման երեւոյթներու: Իսկ «յանկարծ», որովհետեւ սովորական ընդհատումի ժամերէն դուրս ընդհատուեցաւ ելեկտրականութիւնը: Հինգ վայրկեան մութի մէջ նստելէ ետք  տանտէր բարեկամս մոմեր վառեց եւ սենեակը լուսաւորեց: Հարցուցի՝  «իշթիրաք» չունի՞ք : Ըսաւ՝ մեր թաղը երկու տարբեր գիծեր ունի. եթէ անոնցմէ միայն մէկը ընդհատուի, «իշթիրաք»ը ելեկտրականութիւնը չի միացներ:  Օօօօօ, ըսաւ ուրիշ բարեկամ մը, կը յիշեմ 90ական թուականներուն էր, Էլի Հըպէյքա որպէս ուժանիւթի նախարար, խորհրդարանին մէջ խօսք առաւ եւ ըսաւ՝ «եթէ ինծի $ 32,000,000 ապահովէք, վեց ամիսներ ետք 24/24 վրայ ելեկտրականութիւն կրնամ ապահովել»: Ի՜նչ $ 32,000,000ներ վատնուեցան, աւելցուց ուրիշ մը, եւ տակաւին մութի մէջ կը խարխափենք: Եթէ մեր պատասխանատուներուն երեսներուն թքենք, անձրեւ կու գայ կ’ըսեն, ընդմիջեց տիկին մը: Բարեկամ մեր քաղաքագէտները 24 ժամ անձրեւի տակ կը պտըտին, որովհետեւ այնքան իրենց երեսներուն թքողներ ունին: Ատոր համար յատուկ հովանոցներ պէտք է ապսպրուի իրենց համար, որպէսզի յորդառատ անձրեւներուն կարողանան դիմանալ: Խեղճերուն վրաները միշտ թաց է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին