Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Բրդեղէնի Արտադրութեան Ծաւալները Աճ Կ’արձանագրեն

2015 թուականի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան ծաւալը աճած է 0.8%-ով: Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն (ԱՎԾ), եթէ 2014թ-ի Յունուար-Նոյեմբերին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 39.3 թոն գորգեր եւ գորգեղէն, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 39.6%:

Ինչ կը վերաբերի բրդեղէնին, ապա այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 3 323.0 հազար հատ բրդեղէն, իսկ 2014թ-ի Յունուար-Նոյեմբերին` 1 891.5 հազար հատ: Այստեղ աճը կը կազմէ 75.7%:

Ըստ ԱՎԾ-ի 55.7 տոկոսով աճած է գուլպաեղէնի արտադրութեան ծաւալները. 2015թ-ի Յունուար-Նոյեմբերին արտադրուած է 6 785.9 հազար զոյգ գուլպաեղէն, մինչ 2014թ-ին  4 358.6 հազար զոյգ:

ԱՎԾ-ի փոխանցմամբ նշուած ժամանակահատուածի ընթացքին նուազած են բամբակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ 2014թ-ի Յունուար-Նոյեմբերին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 10.8 թոն բամբակեայ գործուածք, ապա 2015թ-ի նոյն ժամանակահատուածին` 7.3 թոն, որ 32.4 տոկոսով պակաս է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին