Բանակի օրուան առթիւ, ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար խումբ մը զինծառայողներ պարգեւատրուեցան պետական պարգեւներով եւ արժանացած զինուորական բարձր կոչումներու:
Հայաստանի նախագահ եւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ արդէն քառորդ դար է, որ Հայաստանը ազատ ու անկախ պետականութիւն ունի, իսկ առանց բանակին այդ 25-ամեայ ուղին կարելի չէ պատկերացնել: «Հայաստանի զինուած ուժերը դարձան այն առաջին քարերը, որոնք դրուեցան մեր պետականաշինութեան հիմքերուն մէջ: Ատիկա ժամանակի եւ շրջանի պարտադրանքն էր: Մենք շատ լաւ գիտէինք, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛ւր կ՛ապրինք», ըսաւ նախագահը` հաստատելով, որ հայ ազգը հազարամեակներու փորձառութիւն ունի եւ իր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները կրցած է շրջանցել տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ:
Նախագահը շեշտեց, որ այս փառապանծ տօնը համապետական եւ համաժողովրդական է, խարսխուած է զինուորականներուն նուիրուածութեան, մասնագիտական կարողութիւններուն ու բարձր մարտական ոգիին վրայ: «Կը մաղթենք, որ այսուհետեւ սահմանին վրայ ոչ մէկ զինուոր զոհուի: Ձեզի եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին կը մաղթեմ խաղաղութիւն՝ յանուն մեր երկիրի ազատութեան, յանուն արդար աշխատանքի, որ պայմանն է որեւէ յառաջընթացի: Ձեր եւ ձեր ծառայակիցներուն շնորհիւ է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կ՛իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը: Դուք կ՛իրականացնէք պատուով ու մասնագիտական բարձր մակարդակով: Դուք արժանաւոր յետնորդներն էք անոնց, որոնք արցախեան հերոսամարտի կրակներուն մէջ հիմքերը կը դնէին մեր ապագայ բանակին: Անոնցմէ շատերը ինկան` մեզի պարգեւելով կեանք ու ազատութիւն: Այսօր` այս նուիրական օրը, մենք գլուխ կը խոնարհենք անոնց պայծառ յիշատակին առջեւ: Դուք այն արժանաւորներն էք, որոնք հաւատարիմ են նահատակներու պատգամներուն եւ անոնց կտակած արժէքներուն», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան: