Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Արցախի Ազգային Վիճակախաղի Իրականացման Շնորհիւ 201 Կիներ Աշխատանք Ունին

Արցախի ազգային վիճակախաղի Երեւանի գրասենեակը Յունուար 27-­ին, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) մէջ կազմակերպած էր վիճակախաղի շահումներու յանձման արարողութիւն: Ազգային վիճակախաղի 2015թ. Արդիւնքներով՝ Հայաստանի մէջ խաղարկութեան մասնակցած է 50 հազար տոմս, որմէ երկու հարիւրը գտած են իրենց շահողները:

«Արմէնփրես»­ի հաղորդմամբ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին, այս մասին ըսաւ Արցախի ազգային վիճակախաղի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան: «Արդէն 3­րդ օրն է, որ Երեւանի մէջ կը կատարուի շահումներու բաշխումը եւ ան կը կրէ շարունակական բնոյթ: Քանի որ ԵՊՀ­-ն մեր մշտական գործընկերներէն է եւ վիճակախաղի մեկնարկէն մինչեւ օրս մեզի աջակցած է, այդ պատճառով ալ այստեղ կը կատարուի վիճակախաղի մրցանակներու յանձման արարողութիւնը: ԵՊՀ-ն գնելով տոմսեր նուիրած է ուսանողներուն, անոնցմէ 10-­ը վիճակահանութեան արդիւնքներով շահած են մրցանակներ»,­ ըսաւ Սիմոնեան աւելցնելով, որ շահումային ֆոնտին մէջ ներառուած են «Արտադրուած է Արցախի մէջ» տարբերանիշը կրող շահումներ` արցախեան աւանդական գորգեր, թութի օղի տակառիկով եւ յուշանուէրներ:

ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան նշեց, որ վիճակախաղի թողարկման առաջին շրջանին կարծիք կար, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պետական վիճակախաղի ընկալման խնդիր կը յառաջանայ, բայց այսօր մեր հասարակութիւնը գիտէ, թէ ինչ կը նշանակէ պետական վիճակախաղ: «Վիճակախաղը այն դիւրին դրամ շահելու միջոցն է, որ պետութիւնը պարտաւոր է պահել որպէս իր սեփականութիւնը: Ազգային վիճակախաղի կայացման առաջին հիմնական նպատակը, որ մենք որդեգրած էինք այն էր, որ վիճակախաղի աղբիւրները ուղղէինք աշխատանքային տեղերու ստեղծման, ան ալ կանանց համար»,­ ըսաւ փոխվարչապետը ընդգգծելով, որ Արցախի ազգային վիճակախաղի իրականացման շնորհիւ, այժմ Արցախի մէջ 201 կիներ ամբողջ տարին գորգեր կը գործեն՝ վիճակախաղի պատուէրը կատարելու համար:

Վիճակախաղի իրականացման յաջորդ նպատակը ըստ փոխվարչապետին՝ ազգային վիճակախաղի իրականացման ռազմավարական ծրագիրներու իրագործումն էր: Այս տարիներուն ընթացքին թիւ մէկ նպատակը վերաբնակեցման ծրագիրն է: Ծրագիրի հիմքին մէջ Իշխանաձոր համայնքի վերաբնակեցումն է: ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան ըսաւ, որ ԵՊՀ-ի մէջ վիճակահանութեան իրականացման համար  քանի մը ուղղութիւններով  աշխատանքներ տարուած են: Անոնցմէ առաջինը ԵՊՀ ուսանողներուն եւ աշխատակիցներուն Արցախ այցելելու հնարաւորութիւնն էր:

«Մեր աշխատակիցները առանձին աշխատանքներ կը տանին նաեւ Իշխանաձոր համայնքին մէջ` դպրոցներու եւ երիտասարդութեան հետ, ճիշդ է փոքր բայց իմ կարծիքով կարեւոր ծրագիրներ: Յաջորդ հանգամանքը այն է, որ ԵՊՀ-­ն պատրաստակամ է նաեւ իր ուժերու ներած չափով ներդրումներ ընել՝ այլ ծրագիրներու զարգացման ու նոր աշխատանքային տեղերու ստեղծման համար: Մենք մեր գործով կը գիտակցինք, որ օգուտ կը բերենք ընդհանուր գործին»,­ նշեց տնօրէնը:

Արցախի ազգային վիճակախաղը հիմնուած է 2014թ. ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ: Վիճակախաղի նպատակն է կանանց համար աշխատանքային տեղերու ապահովում, «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ» տարբերանշանով արտադրատեսակներու զարգացում ու տարածում, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցիլ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին