Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

«Ամէն Ինչ Կ՛ընենք Համաժողովրդական Բանակի Վերածուելու Համար». Սէյրան Օհանեան

Հայոց բանակի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ բանակը ամէն ինչ կ՛ընեն` համաժողովրդական բանակի վերածուելու համար:

Այս մասին յայտարարեց Բանակի օրուան առիթով Եռաբլուր պանթէոն այցելած ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

«Համաժողովրդական բանակի վերածուելու համար ամէն ինչ կ՛ընենք՝ մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու: Խորհրդանշանական է, որ այսօր առաւօտեան բոլորս կ՛այցելենք Եռաբլուր, մեր մարտական ընկերներուն եւ անոնց ընտանիքներուն շնորհաւորելու», ըստ «Արցախփրես»ի ըսած է նախարար Օհանեան:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը աւելցուցած է, որ Հայոց բանակի մարտունակութիւնը թոյլ  կու տայ  ըսելու, թէ հայկական բանակը տարածաշրջանի մէջ փոխգործունակ, մրցունակ եւ յաղթանակած բանակ է:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին