Պուէնոս Այրէսի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը, որ կը գտնուի Փալերմօ թաղամասին մէջ, Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի որոշմամբ ընդգրկուած է քաղաքի շրջագայութիւններու պաշտօնական ցանկին մէջ: Այս մասին «Հայերն Այսօրը» կը տեղեկանայ prensacentroarmenio.com.ar կայքէջէն:
Զբօսաշրջիկներուն պիտի ուղեկցին յատուկ պատրաստութիւն անցած զբօսավարներ, որոնց նպատակը զբօսաշրջիկներուն քաղաքի պատմամշակութային կոթողներու, զբօսայգիներու, թատրոններու, թանգարաններու միջոցով համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցելն է:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը ծրագիրին մէջ ներառելով` կազմակերպիչները ցանկացած են շեշտել Պուէնոս Այրէսի մէջ հայկական համայնքի դերը, որ մեծ հետք ձգած է քաղաքի կեանքին մէջ:
Մայր տաճարի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով` ծրագիրին ընդգրկուած զբօսավարները այցելած են հայկական եկեղեցի, հանդիպած Արժանթինի եւ Չիլիի մէջ Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանի հետ: Հանդիպման աւարտին հոգեւոր առաջնորդը հիւրերուն հայկական եկեղեցւոյ մասին գրականութիւն փոխանցած է:
Աւելցնենք, որ Արժանթինի մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինը 2010 թուականին՝ հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը հռչակած է պատմական յուշարձան: 1938 թուականին օծուած եկեղեցին ընդգրկուած է Արժանթինի մշակութային կարեւորագոյն արժէքներու ցանկին մէջ: