ՀՀ բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան համակարգի թափանցիկութեան ապահովման նպատակով, 2013 թուականէն մեկնարկած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման գործընթացը, որուն հերթական արդիւնքները հրապարակելով՝ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան յայտարարած է, որ միասնական վարկանիշով 1-ին տեղը կը գրաւէ Երեւանի պետական համալսարանը, 2-րդը Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանը, 3-րդը Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը:
«4-րդը Ամերիկեան համալսարանն է, 5-րդը Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը, 6-րդը Հայաստանի ֆրանսական համալսարանը, 7-րդը Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը, 8-րդը Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը, 9-րդը Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանը, 10-րդը Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը», յայտարարած է Արմէն Աշոտեան:
Վերջինիս խօսքով Երեւանի պետական համալսարանը նախորդ տարի եւս առաջատարը եղած է, բազմաթիւ ցուցանիշներով ունի դրական միտումներ:
Նշենք, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման համար՝ ուսումնական հաստատութիւնները խմբաւորուած են ըստ հալալսարաններուն մէջ առկայ կրթական ծրագիրներու եւ մասնագիտական ոլորտներու, ինչպէս նաեւ առանձնացուած են արուեստի համալսարանները: