Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

«Ազատութիւնը Աշխարհի Մէջ 2016». Freedom House-ի Նոր Ցուցակին Մէջ Հայաստանն Ու Արցախը «Մասնակի Ազատ» են

Միջազգային Freedom House կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ» 2016-ի ցուցակը, ուր կը ներկայացուի աշխարհի 195 երկիրներու եւ 14 տարածքի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու համեմատական գնահատականը:  Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Վրաստանն ու Ազրպէյճանը այս ցուցակին մէջ կ՛ընդգրկուին 1992 թուականէն ի վեր:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, նոր ցուցակին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է որպէս «մասնակի ազատ» երկիր: Մեր երկիրին տրուած է 46 միաւոր (ցուցակին մէջ երկիրներուն տրուած միաւորները 0-­100 են, ուր 100-­ը լաւագոյն ցուցանիշն է, իսկ 0-­ն վատագոյն):

Զեկոյցին մէջ Հայաստանին «քաղաքական իրաւունքներ»ու համար տրուած է 5 միաւոր, «քաղաքացիական ազատութիւններ»ու համար 4, «ազատութիւնը աշխարհի մէջ ցուցանիշին համար 4.5 (կը կիրառուի 1­-7 գնահատման համակարգ, ի դէպ «1- ­ 2.5» գնահատական ստացած երկիրները կը համարուին ազատ, «3 –­ 5-­ը` մասնակի ազատ եւ «5.5- 7»-­ը` ոչ ազատ երկիրներ):

Freedom House­-ի զեկոյցին մէջ ներառուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը` որպէս «մասնակի ազատ» (զեկոյցին մէջ ԼՂՀ-ն կը դիտարկուի որպէս վիճելի տարածք):

Հայաստանի հարեւան Թուրքիան եւ Վրաստանը ցուցակին մէջ ներկայացուած են որպէս «մասնակի ազատ» երկիր, իսկ Ազրպէյճանն ու Իրանը «անազատ»: Ռուսիան ներկայացուած է որպէս «անազատ» երկիր, իսկ Միացեալ Նահանգները որպէս «ազատ»:

Ամէնէն ազատ երկիրներու շարքին են Իսլանտան, Նորվեկիան, Ֆինլանտան, Սան Մարինոն եւ Շուէտը, որոնք ցուցակին մէջ ստացած են 100 միաւոր, վատագոյնը Սուրիան (­1), Սոմալին (2), Ուզպեքիստանը (3), Հիւսիսային Քորիան (3), Էրիթրիան (3) եւ Թուրքմէնիստանը (4):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին