Փետրուար 2-ին` ժամը 13:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը հրաւիրեն ներկայ գտնուելու Երեւանի պատմութեան թանգարանի նախասրահին մէջ (հասցէ` Արգիշտի 1/1) «100-ն անց…» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման:
Ցուցահանդէսի մտայղացումը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականինն է` համագործակցութեամբ «Եռագոյն» արեւմտահայերէն պարբերականին եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին:
Լուսանկարներուն մէջ, որոնց հեղինակը Իննա Մխիթարեանն է, ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներ, մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տեղանունները կրող անձիք, որոնց շնորհիւ 100 տարի անց ալ հայկական մշակոյթը շարունակեց ապրիլ ու զարգանալ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 3 օր` մինչեւ Փետրուար 4: