Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Qatar Airways-ը Մայիսին Կանոնաւոր Չուերթներ Պիտի Սկսի Դէպի Հայաստան

Qatar Airways (Քաթարի օդուղիներ) օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ կանոնաւոր չուերթներ պիտի սկսի դէպի Երեւան 2016-ի Մայիս 15-էն: Վկայակոչելով ընկերութեան հաղորդագրութիւնը PanArmenian.net-ը կը հաղորդէ, որ թռիչքները պիտի իրականանան Airbus A320-ով շաբաթական 4 անգամ:

Յիշեցնենք, որ ընկերութիւնը մտադրած էր չուերթներ իրականացնել դէպի Հայաստան 2015-ի Նոյեմբերին:

Քաթարի օդուղիները երեք տարի անընդմէջ ճանչցուած է Տարուան լաւագոյն օդանաւային ընկերութիւն:

Քաթարի օդուղիները Միջին Արեւելքի ամենամեծ օդանաւային ընկերութիւններէն մէկն է, ունի մեծ ցանց եւ թռիչքներ կ՛իրականացնէ աւելի քան 140 ուղղութիւններով: Քաթարի օդուղիներու շարժակազմը համալրուած է աւելի քան 340 ժամանակակից օդանաւերով, որոնց մէջ Airbus A350, Airbus A380-800, Boeing 777-200, Boeing 777-300, Boeing 787-8 (Dreamliner) եւ այլն: Տոհայի օդակայանը յարմարաւէտ տարանցիկ կէտ կրնայ ըլլալ Հայաստանէն ԱՄՆ, Միջին եւ Հեռաւոր Արեւելք մեկնողներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին