Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Հանդիսաւոր Պաշտամունք Մատուցեց Հայ Ծերանոցի Նորաբաց Մատրան Մէջ

Կիրակի, 24 Յունուար 2016-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Ծերանոցի մատրան մէջ պաշտամունքին հանդիսապետեց եւ Աստուծոյ խօսքին պատգամը մատուց: Այս մասին կը յայտնէ Perio news:

Պաշտամունքին ներկայ էին Հայ Ծերանոցի Խնամակալութենէն եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի անդամներ, Ծերանոցի Տնօրէնը, Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ Միացեալ ժողովի եւ Տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Բեթել եւ Նահատակաց եկեղեցիներու Միացեալ ժողովներու ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալ ժողովուրդէն:

Պաշտամունքը առաջնորդեց պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան՝ փառաբանութեան երգերով փոխասաց ընթերցումով եւ աղօթքով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ տիկ. Շողակաթ Աբարթեան-Սելիմեանի:

Աստուծոյ խօսքին պատգամը մատուցեց Վեր. Յարութիւն Սելիմեան՝ հիմնուած Յովհ. 5:1-9-րդ համարներուն վրայ:

Պաշտամունքը վերջ գտաւ հաւաքական Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի առաքելական օրհնութիւնով:

Պաշտամունքէն ետք ներկաները Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ շրջեցան սենեակ առ սենեակ: Վերապատուելին պատսպարեալներուն իրավիճակին ծանօթանացաւ, առանձին-առանձին զրոյցներ ունեցաւ եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ ստացաւ, փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնը, ինչպէս նաեւ մխիթարական ու քաջալերական խօսքերով խրախուսեց զանոնք:

Շրջագայութենէ ետք հիւրերը ընդունուեցան Ծերանոցի փոքր ճաշասրահը ճաշելու:

Ճաշի սկսելէ առաջ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, ուր իր գնահատանքի եւ քաջալերական խօսքերով բարձր գնահատեց Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Հալէպի մէջ երեք Համայնքապետերը՝ յատկապէս Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի օրով, կը գործեն մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի հասկացողութեամբ ծառայելու մեր ազգին: Ճաշի ընթացքին արտասանուեցան սիրտի խօսքեր, Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան ատենապետուհի տիկ. Աննա Տէր Յակոբեանի եւ Ծերանոցի Տնօրէն տիար Աւօ Գաթրճեանի կողմէ:

Պէտք է նշել, որ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Վարչութիւնը, հակառակ ամէն դժուարութեան ու տակաւին մէկ շաբաթ առաջ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հրթիռակոծութեան պատճառով յառաջացած կսկիծը չսփոփած՝ տոկուն կամքով, ծառայասէր ոգիով Ծերանոց այցելած ու ճաշ պատրաստած էր, որ հրամցուեցաւ պատսպարեալներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին