Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լերնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան՝ ԼՂՀի իշխանութիւններուն խորհուրդ տուաւ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի` ԵԽԽՎ-ի մէջ Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ զեկոյցին մէջ առկայ սուտ նիւթերուն ուշադրութիւն չդարձնել եւ շարունակել այն քաղաքականութիւնը, որ իրականացած է այս տարիներուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը։
Սէյրան Օհանեան նշած է, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները ջրային տնտեսութեան եւ ջրային քաղաքականութեան առումով որդեգրած են ճիշդ ուղղութիւն եւ յատկապէս Սարսանգի ջրամբարին մէջ այդ աշխատանքները պէտք է շարունակուին:
«Խորհուրդ կը տամ սուտ նիւթերուն ուշադրութիւն չդարձնել եւ յատկապէս Սարսանգի ջրամբարին մէջ շարունակել ջրային տնտեսութեան քաղաքականութիւնը, ուր նաեւ ընկերային առումով համապատասխան միջոցառումներ կը կատարուին», ըսած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարը:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Յունուար 26-ին փոփոխութիւններով ու լրամշակումներով ընդունեց Պոսնիայի ու Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարգովիչի՝ «Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» թեմայով զեկոյցը: Կողմ քուէարկեցին 98, դէմ 71 պատգամաւորներ: Զեկոյցի նախագիծին քուէարկութեան ձեռնպահ էին 40 պատուիրակներ: