Ցանկացած հակամարտութեան, նոյնիսկ վէճի լուծման համար անհրաժեշտ են խաղաղ կարգաւորման պայմաններ: Այս մասին «Արցախփրես»ի տեղեկութիւններով, Յունուար 26-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Նախարարին խօսքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորագոյն պայմանը՝ վստահութեան մեքենականութիւններու ստեղծումն է առաջին գիծի վրայ, այսինքն անհրաժեշտ է պահպանել հրադադարը, զերծ մնալ յարձակումներէ ու ամենակարեւորը` ստեղծել միջադէպերու հետաքննման մեքենականութիւններ, թոյլ տալով պարզել, թէ ով եղած է խախտողը:
Նախարարը յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը միշտ կողմ եղած է նմանատիպ մեքենականութիւններուն: Իսկ ազրպէյճանական կողմը դիմադրած է անոնց ստեղծման: «Շատ դէպքերու մէջ մենք միակողմանի միջոցառումներ կատարած ենք, զերծ մնացած ենք պատասխան կրակէ, հետաքննութիւն անցկացուցած ենք, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներուն փաստաթուղթեր ու ապացոյցներ ներկայացուցած ենք: Յոյս ունինք, որ մի օր հակառակորդը նոյնպէս կը հասկնայ, որ առանց անոր կարգաւորում ապահովելը բարդ է», նշած է նախարարը: