Թուրքիոյ մէջ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Յովսէփ Հայրենիի «Վերին Եփրատի աւազանի հայերը, 1915-ին եւ Տերսիմը» աշխատութիւնը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:
Աղբիւրին համաձայն սոյն շատ կարեւոր ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը կը կեդրոնանայ երեք հիմնական թեմաներու վրայ: Անոնցմէ առաջինը կ՛անդրադառնայ 20-րդ դարու սկիզբը Տերսիմի վիլայէթի սահմաններու հետ համընկնող՝ Վերին Եփրատի աւազանի տարածքին վրայ բնակող մեծաթիւ հայութեան դէմ Ապտուլ Համիտի իրականացուցած կոտորածներուն, ինչպէս նաեւ 1915-ին երիտթուրքերու իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներուն:
Երկրորդ նիւթը կը վերաբերի այն փաստին, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները չէին կանխատեսած Ցեղասպանութիւնը, եւ կը քննուի անոր հետեւանքով որեւէ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւն չցուցաբերելու հանգամանքները:
Երրորդ թեման կ՛անդրադառնայ Տերսիմի աշխարհագրութեան եւ Ցեղասպանութենէն ետք հոն մնացած փոքրաթիւ հայերու փրկուելու հարցով՝ Տերսիմի բնակչութեան ունեցած դերին:
Գիրքին մէջ օգտագործուած աղբիւրներուն մեծ մասը կը կազմեն անձամբ հեղինակին կողմէ հաւաքուած` ականատեսներու հայերէն յուշերը, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի թրքերէն լեզուով:
Բացի այդ հեղինակը այս աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ սոյն տարածքի բնակավայրերուն մէջ գիւղ առ գիւղ եւ որուն կողմէ իրականացած են կոտորածներն ու Ցեղասպանութիւնը, եւ այստեղի որ աշիրեթները պաշտպանած են հայոց:
Յովսէփ Հայրենին նշելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները կորսնցուցած են միասին փրկուելու հնարաւորութիւնը, 1938-ին Տերսիմի կոտորածը կը համարուի 1915-ի Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը: