ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի իրաւագիրին համաձայն` ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութիւնը Յունուար 26-ին մշտադիտարկում իրականացուցած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ:
Ըստ «Արցախփրես»ի Թովուզի շրջանին մէջ, Ալիպէյլի գիւղին ուղղութեամբ իրականացած մշտադիտարկումը անցած է առանց միջադէպերու:
Հայկական կողմէն մշտադիտարկման մասնակցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթովը, Իրժի Ապերլէն եւ Սայմոն Թիլլերը:
Ազրպէյճանական կողմէն համակարգում իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Փեթեր Սուետպըրկը եւ Եւկենի Շարովը: