Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ վերլուծական հաղորդումներու տնօրէն հեռուստամեկնաբան Գէորգ Ալթունեան, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին յանձնած է՝ «Առաջին լրատուական» ծառայութեան ամէնամեայ մրցանակը, կը տեղեկացնէ Առաջին ալիքի Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Ռուբէն Վարդանեան արժանացած է «Առաջին լրատուական»ի 2015 թուականի «Տարուան մարդ» տիտղոսին: Մրցանակը շնորհուած է 2015 թուականին մեկնարկած 100 LIVES նախագիծի եւ անոր ծիրէն ներս հիմնուած «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակին, ինչպէս նաեւ Վիրահայոց թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ տաճարի վերականգնման ծրագիրին համար:
Ռուբէն Վարդանեան հիւրընկալուած է նաեւ «Հանրային օրակարգ» հաղորդաշարին մէջ, որ հեռարձակուեցաւ Յունուար 23-ին` ժամը 22:10-ին, Առաջին ալիքի եթերով: