Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Ազգային Արխիւը Պիտի Հրատարակէ Հայ Եկեղեցւոյ 17-19 Դարերու Կալուածաթերթերը

Հայաստանի ազգային արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ՝ Հայ եկեղեցւոյ 17-19դդ. կալուածաթերթերը: Այս մասին ըստ «Առաւօտ»ի յայտնած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:

«Այսօրուան լեզուով ըսած` կալուածաթերթերը սեփականութեան վկայականներն են, որոնք ժամանակին առնուած են օսմանեան իշխանութիւններէն` եկեղեցապատկան հողերու եւ ունեցուածքի վերաբերեալ: Մեզի համար այսօր դժուար է ճշդել, թէ այդ կալուածաթերթերը որ նուիրական աթոռին պատկանած են: Անոնք 200 հատ են` օսմաներէնով եւ իրենց համապատասխան կնիքով: Պիտի հրատարակուի օսմաներէն փաստաթուղթի լուսանկարը, ինչպէս նաեւ անոր հայերէն թարգմանութիւնը: Կը մտածենք յետագային հրատարակել նաեւ օսմաներէն-անգլերէն տարբերակները: Ի սկզբանէ ունեցած ենք կալուածաթերթերու օսմաներէն տարբերակները, որոշ տեղանուններ հայերէն թարգմանելու խնդիր կար, բայց բարեբախտաբար կրցանք լուծել», ըսած է Ամատունի Վիրապեան:

Ան նկատած է, որ թէեւ պահպանուած են 200 եկեղեցւոյ կալուածաթերթեր, իրականութեան մէջ հայկական եկեղեցիներուն թիւը ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եղած է մօտ 1000. «Կամ ոչ բոլոր կալուածաթերթերն են մեզ հասել, կամ էլ ոչ բոլորն են ունեցել նման փաստաթուղթ», ըսած է զրուցակիցը:

Աւելցնենք, որ փաստաթուղթերու ժողովածոն կը նախատեսուի հրատարակել այս տարի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին