Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

«Անոնք Կը Փորձեն Զուգահեռ Անցնել Հայերու Տեղահանութեան Հետ». Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է «նախագահական կլոր սեղան», որուն մասնակցած են շարք մը թուրք գրողներ ու ակադեմիկոսներ: Ըստ «Էրմենիհապեր»ի թրքական «Sondakika.com» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպման ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ այլ օրակարգային խնդիրներէ բացի, քննարկուած է նաեւ վերջերս 1.128 թուրք գիտնականներու կողմէ ստորագրուած խաղաղութեան կոչ պարունակող յայտարարութիւնը:

Ըստ աղբիւրի այդ թեմային վերաբերեալ Էրտողան ըրած է հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Անոնք կ՛ըսեն. «Պետութիւնը կոտորածներ կը կազմակերպէ, հարկադիր տեղահանութիւններ կ՛ընէ»: Անոնք կը փորձեն զուգահեռ անցնել հայերու տեղահանութեան հետ: Ատիկա ոչ կառուցողական, ոչ բարեացակամ մօտեցում է, որ կրնայ միջազգային ասպարէզի մէջ Թուրքիան դժուար կացութեան մէջ դնել, աջակցիլ ահաբեկչութեան»:

Յիշեցնենք, որ քրտական հարցի խաղաղ լուծման կողմնակից, քրտաբնակ շրջաններու մէջ յայտարարուած պարէտային ժամի դէմ բողոքող վերոնշեալ թուրք գիտնականները, վերջերս հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ, որ մեծ իրարանցում առաջացուցած էր Թուրքիոյ մէջ: Յայտարարութիւնը կը կրէր «Մենք այս մեղքին յանցակից չենք դառնար» կարգախօսը: Անիկա կը պահանջէր վերջ տալ այդ շրջաններու մէջ պարէտային ժամերուն ու բնակչութեան իրաւունքներու ոտնահարումներուն եւ բռնութիւններուն:

Յայտարարութեան պատճառով թուրք գիտնականներու նկատմանբ սկսած էր հետաքննութիւն, որու ծիրէն ներս արդէն ձերբակալուած էին տասնեակ մարդիկ: Իշխանամէտ թերթերը այդ յայտարարութիւնը անուանած էին դաւաճանութիւն, իսկ զայն ստորագրած գիտնականները մեղադրած աւելի վաղ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան համար հայերէն ներողութիւն խնդրելու ստորագրահաւաք-արշաւին մասնակցելու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին