Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Ազրպէյճանական Մամուլը Ամալ Քլունիին Կը Մեղադրէ Հայ Ըլլալու Մէջ

Ազրպէյճանական իշխանամէտ մամուլը կը մեղադրէ իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին՝ ազրպէյճանցի լրագրողուհի Խատիճա Իսմայելովայի շահերու պաշտպանութիւնը Եւրոպական դատարանին մէջ ստանձնելու համար: Այս մասին  Panorama.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ բրիտանական « Տը Կարտիըն» պարբերականը:

Պարբերականը կը նշէ, որ յայտնի փաստաբանը եւ «Media Legal Defence»  նախաձեռնութիւնը  համաձայնած են վիճարկել՝ ազրպէյճանցի հետաքննող լրագրողուհի Խատիճա Իսմայելովայի ձերբակալութիւնը` ընդգծելով, որ մինչ դատարանի վերջնական որոշումը, անոր կալանքի տակ պահելը կը հակասէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանադրութեան դրոյթներուն:

«Ազրպէյճանական մամուլը, որ գրեթէ միշտ հանդէս կու գայ որպէս իշխանութիւններու խօսափող, մեղադրանքներ կը հնչեցնէ Քլունիի հասցէին` իբրեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու դէմ վրէժխնդրութիւն իրականացնողի», կը գրէ պարբերականը:

«Տը Կարտիըն»ը  մէջբերում կ’ընէ ազրպէյճանական մամուլի այն հրապարակումները, որոնց մէջ Քլունին կը մեղադրեն ծագումով հայ ըլլալու եւ Եւրոպական դատարանին մէջ հայերու շահերը պաշտպանելու մէջ:

Պարբերականի դիտարկմամբ ազրպէյճանական մամուլի յարձակումներուն պատճառը այն է, որ վերջինս եղած է նաեւ ՄԻԵԴ-ի մէջ «Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով՝ որպէս երրորդ կողմ հանդէս եկող հայկական կողմի շահերու պաշտպան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին