Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սէյրան Օհանեան Ընդունեց Անճէյ Գասպրչիկը

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան ԱնՃեյ Գասպրչիկը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանա-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: Օհանեան ներկայացուց վերջին շրջանին ազրպէյճանական կողմէ հրահրուող սադրանքները եւ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւնները: Ան կրկին ընդգծեց իրավիճակի վերահսկողութիւնը ուժեղացնելու նպատակով՝ հետաքննչական միջազգային մեքանիզմներու մշակման անհրաժեշտութիւնը: Գասպրչիկ իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց իրավիճակի պարբերաբար սրման վերաբերեալ եւ խոստացաւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին